2014-02-14 12:52:27

''Այոյի ուրախութիւնը առ յաւէտ'' ` սիրահարուածներու պաշտպան սուրբի տօնին առթիւ 20 հազար երիտասարադներու հանդիպումը Ֆրանչիսկոս Պապին հետ։


Ուրբաթ 14 փետրուարին, ''Սան Վալէնթինօ'' `սիրահարուածներու պաշտպան սուրբի տօնին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ, հանդիպեցաւ աւելի քան 20 հազար երիտասարդ նշանուածներու հետ, իրենց հետ բաժնեկցելու համար այս օրը։

Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Ընտանիքի Քահանայապետկան խորհուրդի կողմէ, ի տես` Ընտանիքի նուիրուած Եպիսկոպոսական արտակարգ Սիւնհոդոսին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ հոկտեմբեր 2014 –ին։

Ձեռնարկին բնաբանն է ''Այոյի ուրախութիւնը առ յաւէտ'' ։

Երիտասարդներու վերոյիշեալ խումբին մաս կազմեցին, բոլոր անոնք որ յաճախած են սուրբ Պսակի խորհուրդի պատրաստողական դասընթացքները։ Հանդիպումը հանդիսացաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանյապետին, նշանուածներու հետ ունեցած առաջինը։

Ձեռնարկը սկիզբ առաւ առաւօտեան ժամը 11,00 ին, երգերով, բանաստեղծութիւններու արտասանութեամբ եւ ապրուած փորձառութիւններու ներկայացումով։

Կէսօրին` Ֆրանչիսկոս Պապը, Քահանայապետական ինքանշարժով, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի շրջանը կատարեց մօտէն ողջունելով հոն համախմբուած երիտասարդները ու ապա ամպիոն բարձրացաւ ուրտեղէն պատասխանեց երեք զոյգերու կողմէ իրեն ուղղուած հարցումներուն, հայող՝ ներկայի դժուարութիններուն` հաստատ եւ վերջնական որոշումներ առնելու, ինչպէս նաեւ` ամուսնութեան կեանքի եւ Սուրբ Պսակի խորհուրդի արարողութեան։
Վերոյիշեալ հարցումներուն պատասխանելով Սրբազան Հայրը ըսաւ ''կարեւոր է հարց տալ թէ կարելի է սիրել առ յաւէտ''։ Այսօր, շատ անհատներ կը վախնան կեանքի վերջնական որոշումներէն։ Այսօր` ամէն բան արագօրէն կը փոխուի եւ ոչ մի բան երկար կը տեւէ։
Սէրը սակայն յարաբերութիւն մըն է, իրողութիւն մը որ հետզհետէ կ՛աճի, նման տունի մը կառուցումին, որ միասնաբար կ՛իրագործուի։
Սիրելի նշանուածներ` - յարեց Սրբազան Հայրը - միասնաբար ապրելու համար ձեր տունը կառուցելու էք ոչ թէ աւազի` այլ սիրոյ հաստատ ժայռի վրայ, այն սիրոյ վրայ որ կը բխի Աստուծմէ։ Մի ենթարկուիք ''ժամանակաւոր մշակոյթին'' – ըսաւ Քահանայապետը հրաւիրելով երիտասարդները ամէն օր աղօթելու ''Հայր մեր, տուր մեզի մեր առօրեայ սէրը, մեզի սորվեցուր իրար սիրե''լ։ Որքան Տիրոջ կը վստահինք այնքանով ձեր սէրը կը դառնայ առ յաւէտ որ միշտ կը վերանորոգուի եւ կը յաղթահարէ ամէն դժուարութիւն։
Խօսելով ապա ամուսնական կեանքի մասին` Սրբազան Հայրը ըսաւ թէ միասին ապրիլը արուեստ մըն է, ու միասին ընթանալը վայելուչ եւ գեղեցիկ է։ Եւ այս ընթացքը կարելի է ամփոփել երեք բառերու մէջ ` ''Կարել՞ի է, շնորհակալութիւն եւ ներողութիւն։
Քաղաքավարութիւնը սէրը կը պահպանէ - ըսաւ Քահանայապետը - մինչ ''շնորհակալութիւն'' բառը կարեւոր ու յատուկ է որովհետեւ երախտագիտութիւնը յատուկ զգացում մըն է, ապա ''ներողութիւն'' բառին անդրադառնալով ըսաւ` '' անհրաժեշտ է ներողութիւն խնդրել'' քրիտոնէական ընտանիքի աճումին համար։ Ոչ մէկը կատարեալ է ու ամէնքս սխալներ կը գործենք, սակայն եթէ սորվինք ներողութիւն խնդրել եւ իրար զիրար ներել ամուսնական կեանքը յառաջ կ՛ընթանայ։
Սրբազան Հայրը ակնարկելով հուսկ Սուրբ Պսակի խորհուրդին, յայտնեց թէ հարկաւոր է զայն ապրիլ որպէս քրիտոնեայ տօնակատարութիւն եւ ոչ թէ աշխարհիկ տօնախմբութիւն։ Որովհետեւ այդ խորհուրդին մէջ Տէրը ներկայ է, այնպէս ինչպէս ներկայ էր 2000 տարիներ առաջ Քանայի հարսանիքի ընթացքին։ Այնպէս ըրէք որ տօնակատարութեան արտաքին նշանները, յայտնաբերումն ըլլան Տիրոջ ներկայութեան եւ բոլորին յիշեցնեն ձեր ուրախութեան աղբիւրն ու անոր դրդապատճառը։

Յայտնենք, որ վերոյիշեալ հանդիպումի առընչութեամբ, Քահանայապետական ընտանիքի խորհուրդի նախագահը՝ Գերապայծառ Փալիա, յայտնած էր, թէ ''պսակուելու որոշումը, յաճախ կը յետաձգուի, սպասելով՝ դժուարութիւններուն վերջնական լուծումին։ Բայց, իրականութեան մէջ ամուսնութեամբ է ,որ միասնաբար կը կառուցենք ապագան, միասնաբար կը լուծենք կեանքի դժուարութիւնները''։

Նշանուածներու հետ Քահանայապետի հանդիպումը, վերջ գտաւ, յատուկ աղօթքով մը , պատրաստուած երիտասարդներուն կողմէ։ Յաւարտ հանդիպումին, բոլոր ներկայ զոյգերուն, յատուկ նուէր մը ընծայուեցաւ, անոնց ամուսնութեան առթիւ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.